2014-04-20 09:56:42

Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Սուրբ Զատկուայ պատգամը` <<Բայց>> ։


«Բայց ճշմարիտ է թէ
Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է,
ննջեցեալներուն առաջին պտուղը»:
Ա. Կորնթ. 15.20
Քսան դար շարունակ պնդելէ ետք, այսօր քրիստոնեայ եկեղեցին դարձեալ կը շեշտէ եւ կը տօնէ իր անխախտ հաւատքը, թէ Քրիստոս յարութիւն առած է: Մարդկային գիտութեան հակասող այս ճշմարտութիւնը այսօր եւս` յոյսի եւ համբերութեան, սիրոյ եւ տեսիլքի նոր աւիւնով կը լեցնէ մեզ: Այդ նորոգուող եւ նորոգող աւիւնով զօրանալու, հինը եւ ժխտականը յաղթահարելու, բարին ու գեղեցիկը կերտելու աշխատանքին վերալծուելու առիթ ու մարտահրաւէր է այսօր. տրամաբանութեան հակասող, միտքին սահմանափակումը ընդգծող եւ շատերու համար անընդունելի այս «ճշմարիտ»-ը շատ աւելի շեշտակի կերպով իրական կեանքի վերածելու «առիթ ու մարտահրաւէր»:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի անմիջական սեմին` Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերու հայութեան պատահած վերջին արհաւիրքը կու գայ փաստելու մէկ բան: Մահ սպառնացող, խաղաղ կեանքը արմատախիլ ընող, շէն ու շինարար ժողովուրդը տեղահան ընող, անոր ինչքն ու հարստութիւնը` հողն ու տունը զաւթող ուժերը տակաւին ի զօրու են: Իրական են Գողգոթա եւ խաչ: Քսանմէկերորդ դարու մարդկային իրաւունքի սկզբունքները, յառաջացած արհեստագիտութեան միջոցները եւ միջազգային արդարադատ կազմակերպութիւնները չկրցան, չեն կրնար զսպել չարն ու ժխտականը. այս վերջիններուն քաղաքական, տնտեսական եւ փառասիրական շահերը տակաւին պիտի պատճառեն մահ, խաղաղ կեանքի քանդում եւ արդար վաստակի զրկում ու զրկանք: Ասիկա իրական է եւ մենք ազգովին կը հասկնանք այս:
«Բայց» Քրիստոս յարութիւն առած է Ուրեմն, ինչ ալ պատահի մեզի եւ մեր շուրջ, մենք պիտի մերժենք չարին եւ ժխտականին, ապաբարոյին եւ զաւթիչին մակարդակին իջնել: Մենք պիտի մնանք «ճշմարիտ»-ին ժողովուրդը: Պիտի շինենք ու շէնցնենք, գեղեցկացնենք ու բարելաւենք, ապրինք ու արժեցնենք կեանքը: Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութեան հաւատալով` յարուցեալ եւ նորոգ յառնելի ժողովուրդ եւ ազգ պիտի ըլլանք:
Ճիշդ է, որ մեզմէ ոմանք յուսահատ կը թուին ըլլալ. լսեցինք կացութեան հետ հաշտուելու կոչեր, թուրքին հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու փորձեր, նոյնիսկ` նոյնը ատելութեամբ փոխադարձելու առաջադրանքներ: Այսօր թող «ճշմարիտ»-ը մեզի սորվեցնէ թէ մեր կրած բոլոր թշնամանքներու իրականութիւնը, ճիշդ է, փոխուած չէ. նաեւ` թէ չարն ու ժխտականը շուտով փոխուելով` անոնց ազդեցութիւնները պիտի չանհետանան: «Բայց ճշմարիտ է, թէ Քրիստոս յարութիւն առած է», ուրեմն կրնանք Անոր յարութեան յաղթանակին մենք եւս հաղորդ ըլլալ եւ յաղթական կեցուածքով, կեանքի դրական որակով դիմակալել ամէն բան: Կրնանք «համբերութեամբ վազել մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը (Եբրայեցիս 12.1), մինչեւ արդար հատուցում եւ յաղթանակ»:
«Բայց ճշմարիտ է», երբեք կասկածի ենթակայ չէ մեր ալ յարութիւնը:
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ - ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
ՎԵՐ. Մկրտիչ Գարակէօզեան, Նախագահ` Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան








All the contents on this site are copyrighted ©.